Ծրագիրները կ՚աւելնան այն համոզումով, որ ապագան հեռու է,
Չի հասկնար, թէ ինչպէս սկսած է հօրը նմանիլ, երբ տակաւին կորսուած վիճակ մը ունի,
Աչքը կը ցանկայ, բայց ձեռքը չի հասնիր,
Բոլոր երաժշտական գործիքները իրեն համար կը նուագեն եւ անոնց խողովակներով իր շուրջ կը փաթթուին։
Եւ երգերը պիտի երգուին,
վաղը մեզի պիտի չմնայ։
Աչքը կը ցանկայ, այն երջանկութիւնը, որ սուտ է,
Ապագան պարտութեան ու կնճիռներու յիշատակներէն տարբեր էր,
Տսրիները սահեցան ու ակռաները կորսնցուց,
Մէկ գնացքէն միւսը գնաց, բայց մեղեդին ալ զինք հետեւեցաւ։
Պարահանդէսին առանձին կը պարէ
(կարծես թէ ինքն է ձայնասփիւռին մեղեդին, կարծես թէ ինքն է ձայնասփիւռին մեղեդին)
եւ կը հարցնէ ձայնասփիւռին մեղեդիին
(եթէ տակաւին ինքզինք կը սիրէ, եթէ տակաւին գոհ է ինքզինքէն)
Ծրագիրներ ունէր, բայց օրերը անցան,
(մոմ եւ վրձին, ապագան այսպէս չէր)
Կարծես թէ ապագան անցողակի է եւ անցնելով ու առանց զգուշացնելու ամէն ինչ կը նետէ,
(մոմ եւ վրձին, ապագան այսպէս չէր)
Ճակատին վրայ գրուածը ի վերջոյ աչքը պիտի տեսնէ
(մոմ եւ վրձին, ապագան այսպէս չէր)
Թեւերը կը հալին, բոլորս ալ կ՚իյնանք առանց գրպանի մեր մեռելներու հագուստներուն մէջ
(մոմ եւ վրձին, ապագան այսպէս չէր)
Սորվեցուց ձայնասփիւռին մեղեդին,
ըսաւ, որ իր դիակին վրայ երգեմ։