Լեռներուն վրայ հիւանդ գլուխս
Սահմանը կ՚անհետանայ գիշերուան մէջ
Անբախտ ձմե՞ռն է
Անձրեւն է՞ թէ սէրը
Լալով
Մեր լեռները պիտի ծաղկին, կը տեսնես
Լալով
պիտի յաղթահարենք գիշերը, կը տեսնես
Ամրան սկիզբը խանդս կորսուեցաւ
Ճակտիս միշտ կռիւ գրուած է
տարաժամ կի՞րքն է
գարո՞ւնն է թէ սէրը
Լալով
անապատները պիտի ծաղկին, կը տեսնես
Լալով
պիտի յաղթահարեն արեւը, կը տեսնես