Կամաց կամաց քովս մօտեցիր,
Անգամ մը եւս զիս մէջդ առ, խորութեանդ մէջ,
Փոթորիկիդ շերտերուն մէջ։
Մի՛ ստեր, աչքերուս մէջ նայէ՛,
Անկարելի է, որ վերջ գտնէ այս,
Գրպաններդ պրպտէ,
Սիրոյ փշրանքներ տակաւին ըլլալու են հոն։
Սիրոյ փշրանքներով բաւարարուելու փոխարէն
Կը նախընտրեմ այս կեանքին մէջ սովամահ ըլլալ
Եթէ բան մի չէ մնացած փոխանակելու
Տղամարդու մը եւ կնոջ միջեւ։
Կը քալեմ լարախաղացի պէս,
Նաեւ առանց նեցուկի,
Ծանր է ներսս,
Շատ ջանք թափեցի
այս անսիրտ կեանքը սիրելու
Քեզմէ բացի ով ունիմ
Վերջին անգամ ըլլալով
Գրպաններդ ստուգէ սիրոյ փշրանքներ կրնան ըլլալ հոն։
Սիրոյ փշրանքներով բաւարարուելու փոխարէն
Կը նախընտրեմ այս կեանքին մէջ սովամահ ըլլալ
Եթէ բան մի չէ մնացած փոխանակելու
Տղամարդու մը եւ կնոջ միջեւ։